Յաղթանակին տէրը մենք ենք, մեր հաւաքական կամքն է եւ ուրիշ ոչ ոք

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ, ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ 10-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1998

Սիրելի հայրենակիցներ,

«Եթէ օր մը ժողովուրդը կամենայ ապրիլ՝ ճակատագիրը անպայման պիտի ընդառաջէ»։

Արաբական վերածնունդի լաւագոյն բանաստեղծներէն Ապու Քասէմ ալ-Շապիի գրիչին պատկանող այս տողը — ժողովուրդի կամքին հանդէպ ճակատագրի ստորադասութիւնը ընդգծող — լաւագոյնս կը խտացնէ մեր այսօրուան խորհուրդը՝ Փետրուարեան զոյգ տարեդարձներու այս հրաշալի զուգակցութիւնը՝ ընթացիկ տարուան փետրուարեան իրադարձութիւններուն հետ։ Ժողովուրդն է իր ճակատագրի տէրը, եւ ժողովուրդն ինքը պիտի որոշէ իր կեանքի ընթացքը։ Ոչ մէկ քաղաքական հաշուարկ կրնայ ժողովուրդին պարտադրել դրութիւն մը՝ որ խոտոր կը համեմատի իր իտէալներուն, իղձերուն եւ բարոյահոգեբանական ըմբռնումներուն։ Ոչ մէկ կարճատես, օրախնդիր տրամաբանութիւն կրնայ ժողովուրդը շեղել իր խորին համոզումներէն եւ տեսլականէն: Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է ժողովուրդի կամքի գերակայութիւնը:

1920-ի վերջին, քաղաքական բոլոր հաշուարկները կը պարտադրէին Հայաստանի խորհրդայնացումը։ Դաշնակցութիւնն ինքն իր ձեռքով ստորագրեց այդ ակտի տակ։ Դաշնակցութիւնն ի՛նքը պարտադրեց իր շարքերուն եւ համակիրներուն՝ զինուիլ լռութեամբ եւ համբերութեամբ։ Դաշնակցութիւնը լուռ հանդուրժեց՝ երբ Դրոն ու հայ բանակի ամբողջ սպայութիւնը աքսորուեցան ցուրտ ձմրան։ Հանդուրժեց՝ որովհետեւ իրատես քաղաքական հաշուարկը այլ ելք չէր տեսներ։ Բայց ժողովուրդն ի՛նքը այլ ելք տեսաւ։ 1921-ի փետրուարին արդէն իսկ ժողովուրդը այդ ելքը գտած էր եւ անցած բացայայտ ապստամբութեան։

Մինչեւ օրս ոմանք կը վիճին այդ քայլի դրականութեան կամ բացասականութեան մասին։ Մինչեւ օրս տակաւին մեր պատմաբանները չեն կրցած եզրակացութեան մը յանգիլ այդ մասին։ Բայց Փետրուարեան ապստամբութեան հաշուեկշռին մէջ երկու գլխաւոր դրական արդիւնքներ կան, որոնց դիմաց այլ փաստարկներ պարզապէս նեղմիտ սոփեստութիւն կը թուին. նախ՝ Փետրուարեան ապստամբութիւնը — առաջինը եւ ամենամեծը խորհրդային կայսրութենէն ներս — խորհրդային իշխանութիւններուն համար յստակացուց իրենց իշխանութեան սահմանները եւ սանձահարեց առաջին իշխանաւորներու շեշտուած փանջունիականութիւնը։ Երկրորդ՝ Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, Առաջին հանրապետութեան աւագանին փրկուեցաւ ստոյգ կորուստէ եւ կրցաւ անցնիլ Սփիւռք, որու կազմակերպումն ու ամրապնդումը դժուար է երեւակայել առանց հանրապետութեան աքսորեալ ղեկավարութեան կարողականութեան ներդրումին. կարողականութիւն մը՝ որ սահմանուած էր ոչնչանալու խորհրդային կայսրութենէն ներս մնալով։ Այսինքն՝ Փետրուարեան ապստամբութեան պատմական արժեքը կարելի չէ սահմանափակել տարածքային չափանիշներով՝ միայն Հայաստանի սահմաններէն ներս. Փետրուարեան ապստամբութիւնը նաեւ իր կարեւոր տեղն ունի Սփիւռքի կառոյցներու գոյացման եւ ամրապնդման մէջ։ 1921-ի փետրուարին գուցէ քիչեր կը գիտակցէին ապստամբութեան այդ արժէքին, բայց ըստ ամենայնի ժողովուրդի կամքը, ժողովուրդի բնազդը եղաւ գերիշխող։

1988-ի փետրուարին, Փետրուարեան ապստամբութենէն 67 տարիներ ետք, դարձեալ փոթորկեցաւ հայոց աշխարհը. աշխարհասասան ցոյցեր՝ մինչեւ մէկ միլիոն մարդ Երեւանի փողոցներուն վրայ, ... Արցախեան աշխարհի կոչը ոտքի հանեց ամբողջ հայութիւնը։ Եկաւ Սումգայիթեան թրքաբարոյ հակահարուածը, եւ առաջին խանդավառութեան ալիքը որոշակի ընկրկում կրեց։ Սակայն ի զուր էին բոլոր անոնց յոյսերը, որոնք կը կարծէին, թէ կարելի է հայութեան պոռթկումը սանձել որեւէ ձեւով։

Ժողովուրդի կամքն էր, ժողովուրդի կամքն ալ կատարուեցաւ։ Նոյնիսկ երկրաշարժը անկարող եղաւ զսպելու 7 տասնամեակներ անթեղուած հրաբուխը։ Նոյնիսկ խորհրդային բանակի ուժերով կազմակերպուած հայաթափման ալիքը՝ 1990-91 թուականներուն, չկրցաւ կասեցնել ժողովրդական ցասման այն փառաւոր պոռթկումը, որ ի վերջոյ պիտի յանգէր Շուշիի եւ հայապատկան այլ տարածքներու ազատագրման:

Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Երասխաւան ու Շուշի, պատմութիւնը միշտ ապացուցած է ժողովուրդի կամքի գերակայութիւնը ոեւէ այլ տրամաբանութեան նկատմամբ: Պատմութիւնը միշտ ալ լուծած է «Վարդանի եւ Վասակի» դարաւոր բանավէճը յօգուտ առաջինին, յօգուտ ժողովուրդի կամքին ենթակայ բազուկին: Բայց զարմանալիօրէն ամէն նոր սերունդ դարձեալ վերարծարծած է նոյն բանավէճը՝ նոյն սրութեամբ: Տակաւին կը գտնուին հայեր — եւ եթէ պատմութեան ընթացքը նկատի առնենք ՝ վաղը դարձեալ պիտի գտնուին հայեր — որոնք կը յամառին չհաւատալ մեր բազկի ուժին, որուն զօրութեան անգամ մը եւս ականատեսն եղաւ մեր սերունդը:

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել, երբ — ի հեճուկս մարտագիտական եւ ռազմագիտական բոլոր տեսութիւններուն — վերջին երկու հազարամեակներու ընթացքին՝ Տիգրան Մեծի օրերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով շահած ենք նուաճողի դափնին, որ թէեւ կրնայ շատ սիրուն չթուիլ մեռելաթաղութեան մէջ մասնագիտացած միջազգային «մարդասիրական» հրապարակի չափանիշներով, բայց իրական քաղաքականութեան մէջ շատ աւելի ծանրակշիռ է եւ շատ աւելի հաւատարիմ Խրիմեան Հայրիկի բանաձեւած Երկաթէ Շերեփի պատգամին, ինչպէ՞ս բացատրել, երբ մեր արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հնարաւորութիւն ունինք իրաւա՛մբ Երկաթէ շերեփով մօտենալու հարիսայի կաթսային՝ բանակցութիւններու սեղանին, ինչպէ՞ս բացատրել որ տակաւին կայ յամեցող մտայնութիւն մը մեր մէջ, որ կը շարունակէ կասկածիլ, կը շարունակէ մեր զէնքի յաջողութեան ետին տեսնել ինչ-ինչ մեծապետական հաշիւներ ու մութ գործարքներ, որոնք վաղը կրնան նոյնութեամբ դառնալ մեզի դէմ, եւայլն, եւայլն:

Սիրելիներ,

Մեր ռազմական յաղթանակներու ետին ոչ մէկ մեծապետական հաշուարկ ու գործարք կանգնած է: Ընդհակառակը: Մեր ռազմական յաջողութիւնները կայացան ամենադժուարին պայմաններու տակ, մեծապետական եւ փոքրապետական բոլոր դաւադրութիւններու եւ մթագոյն գործարքներու հոսանքն ի վեր թիավարելով: Մեր յաղթանակներու տէրը միայն ու միայն մենք ենք. մենք բոլորս. մենք՝ արցախեան հողը իրենց արիւնով ու քրտինքով որոգած հազարաւոր կամաւորները, մենք՝ ամիսներ շարունակ Ստեփանակերտի եւ Քարինտակի մութ ու խոնաւ ապաստանարանները ճաշակած մանուկները, կանայք ու տարեցները, մենք՝ հարազատ որդւոյն յօշոտուած դիակին վրայ կռացած մայրը, մենք՝ այն դաժան ձմեռներուն իր զաւակներու տառապանքէն կիսախելագարած հայրը, — որուն մտքին ծայրէն իսկ չանցաւ երկվայրկեան մը տարուիլ այն սին պատրանքով՝ թէ կարելի էր գուցէ պահանջատիրութենէն հրաժարիլ յանուն քիչ մը լոյսի ու տաքութեան, — եւ մենք՝ ակամայ հայրենազուրկներս, որոնք իրենց կարելիէն աւելին ըրին սատարելու համար պահանջատիրական այս համազգային պայքարին: Յաղթանակի տէրը մենք ենք, մեր հաւաքական կամքն է եւ ուրիշ ոչ ոք:

Մեր հաւաքական կամքը՝ այդ համարեա անբացատրելի ուժն է, որ կերտեց յաղթանակը: Այդ ուժն էր, որ —, երբ անյոյս կը թուէր մեր վիճակը, երբ ինկած էին Գետաշէնի շրջանի գիւղերը, երբ Ստեփանակերտը կը գտնուէր Ադրբեջանի հրթիռներու առօրեայ սարսափին տակ եւ օղակը օրըստօրէ կը սեղմուէր Արցախի շուրջ,— այդ ուժն էր որ խտացեալ ձեւով արտայայտուեցաւ բուռ մը անձնուրացներու իրականացուցած մի քանի հակահարուածներուն մէջ, որոնք բաւարար եղան որ 1992-ի սկիզբը ամբողջ հայութիւնը անհամբեր սպասէ անառիկ համարուած Շուշիի ազատագրման աւետիսին։

Այս լոյսին տակ դիտուած, ցնորք է երեւակայել, թէ հայութիւնը կրնայ երբեւիցէ հանդուրժել ոեւէ ոտնձգութիւն յաղթականի իր իրաւունքին նկատմամբ, ցնորք է երեւակայել, թէ տնտեսական սեղմումները կամ ազատամարտիկներու նկատմամբ դատաքրէական կամայականութիւնները կրնային երբեւիցէ անոր «կոկորդն ի վար հրել» Բլէյեանական ոեւէ լուծում: Եւ դժբախտաբար, այդ սին ցնորքի հետեւորդները տարիներ շարունակ գրաւուած պահեցին հայրենի քաղաքական բեմը՝ առաւելագոյնս խոչընդոտելով Արցախեան փառայեղ յաղթանակի ալիքին վրայ ազգային իսկական պետականութեան մը կառուցման աշխատանքները: Չեմ կրնար հոս չյիշել ընկեր Հրանտ Մարգարեանի առաջին խօսքը, 9 փետրուարին, բանտէն արձակուելէն անմիջապէս ետք. «Մենք կորցրեցինք 5 տարի»:

Եւ ահա այստեղ է, սիրելիներ, որ իր ամբողջ ահաւորութեամբ կ՚երեւայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահի եւ իր նախկին գլխաւոր խորհրդականի դերակատարութիւնը՝ ի հեճուկս իրենց շահուած յաղթանակի տարողութիւնը նսեմացնելու եւ անոր բնական շարունակութիւնը ըլլալիք յետագայ աւելի մեծ յաղթանակները կանխելու ուղղութեամբ։ Պատմութիւնը անշուշտ պիտի արժանաւորապէս գնահատէ իրենց դերը, բայց ի՞նչ գնահատականի պիտի արժանանան անոնք, որոնք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, անձնական նեղմտութենէ թէ այլ սին ու ճղճիմ փառասիրութիւններէ դրդուած, իրենց վտիտ առուակներու ջուրը փութաջանութեամբ նուիրեցին այդ ազգադաւ ջրաղացին ի սպաս: Ի՞նչ գնահատականի պիտի արժանանան անոնք, որոնք Սփիւռքը մխրճեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահի եւ իր նախկին գլխաւոր խորհրդականի կողմէ վարպետօրէն հրամցուած մարտավարական խաղերուն՝ գոցի ու բացի, ներսի ու դուրսի, դրօշի, զինանշանի, օրհներգի եւ այլ բիւզանդական բանավէճերու մէջ, եւ անտեսեցին յաղթանակի զգացողութեան արմատաւորման վրայ հիմնուող ապագայի ծրագրաւորման ռազմավարական անհրաժեշտութիւնը։

Սփիւռքեան բոլոր կառոյցներն անխտիր — կուսակցական, եկեղեցական, բարեսիրական ու մշակութային — չկրցան խուսափիլ այդ թակարդէն եւ ամէն մէկը իր ձեւով ինկաւ անոր մէջ։ Ներկայ պառակտումներուն ու Սփիւռքեան գործօնի օրըստօրէ շեշտուող ամլացումի ականատեսը պիտի տարուէր պահ մը մտածելու, թէ մենք վերջերս կրած ենք սարսափելի պարտութիւններ, որովհետեւ միայն պարտութիւններն են որ կրնան նման իրավիճակներու տեղի տալ։ Բարեբատաբար, Երեւանի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս այն իրողութիւնը, որ վարկաբեկուած վարչախումբը այդպէս հապշտապ եւ անփառունակ հեռացաւ իշխանութենէն, մեզ թոյլ կու տան մտածելու, որ ապազգային եւ պարտուողական գիծը ի վերջոյ անդրադարձաւ իր բռնած ուղիի ցնորայնութեան եւ նախընտրեց չերկարաձգել իր սեփական հոգեվարքը: Հակուած ենք նաեւ յուսալու, որ հայրենի քաղաքական բեմի փոփոխութիւնները իրենց բարերար ազդեցութիւնը կ՚ունենան նաեւ Սփիւռքի մէջ:

Սիրելիներ,

Լաւ է ուշ, քան երբէք: Ցաւալի է, անշուշտ, որ մենք 5 տարի կորսնցուցինք, բայց միաժամանակ ուրախալի է այն փաստը, որ մենք կրցանք դիմագրաւել բոլոր փորձութիւններուն եւ չիյնալ այն ծուղակը, որմէ մինչեւ այսօր չեն կրցած դուրս գալ մեր երկու դրացիները՝ Վրաստանն ու Ադրբեջանը: Հայաստանը փաստօրէն նախկին խորհրդային հանրապետութիւններէն միակն էր — չհաշուած պալթեան երեք հանրապետութիւնները, որոնք միշտ ալ բացառութիւն կազմած են — որ կրցաւ իշխանութեան փոփոխութիւնը անարիւն կատարել: Եւ Հայաստանը փաստօրէն միակն է, որ կրցաւ խուսափիլ քաղաքացիական պատերազմի վտանգէն, հակառակ այդ ուղղութեամբ տարուած բոլոր ճիգերուն, հակառակ նախկին վարչախումբի բոլոր սադրանքներուն եւ յատկապէս Դաշնակցութեան հասցէին յղուած բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Դաշնակցութիւնը մերժելով մերժեց այդ բնոյթի բոլոր փորձութիւնները: Զարմանքի մատնելով համայնավար դաստիարակութեան որպէս արդիւնք զինք «աւանտիւրիստ», «մաուզերիստ» եւ այլ բարեհունչ ածականներով պիտակելու սովոր վարչախումբը, Դաշնակցութիւնը ստոյիկեան համբերութեամբ զինուած նախընտրեց իր վրայ վերցնել բոլոր հարուածները, եւ իր լաւագոյն զաւակները անմռունչ զարդարեցին ստալինեան օրերէն ժառանգուած զնտանները: Աւելին, Դաշնակցութիւնը իր գոյութեամբ իսկ, իր զանգուածայնութեամբ եւ ժողովուրդին մօտ վայելած համակրանքով՝ արգելք հանդիսացաւ, որ ժողովուրդի մօտ կուտակուած ցասումը օգտագործուի բախտախնդիր ոեւէ այլ ուժի կողմէ: Նոյնիսկ Դաշնակցութեան գործունէութեան պաշտօնական արգելումը չկրցաւ հայ քաղաքական հրապարակէն հեռացնել Դաշնակցութիւնը: Ան մնաց որպէս թումբ եւ պատուար բոլոր տեսակի արկածախնդրութիւններու դէմ, այդպիսով իսկ պարտադրելով քաղաքական բեմի ամբողջական վերադասաւորումը:

Սիրելիներ,

Այսօր Դաշնակցութիւնը դարձեալ պաշտօնապէս կը գործէ Հայաստանի մէջ, եւ որպէս այդպիսին, աշխուժօրէն կը մասնակցի հայրենի քաղաքական կեանքին: Բնականաբար, ծանր եւ դժուարին աշխատանք կայ կատարելիք:

Որպէս առաջին քայլ, Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ լծուած է Հանրապետութեան նախագահութեան նախընտրական արշաւին, իր զօրակցութիւնը յայտնելով ներկայիս նախագահական պաշտօնակատար եւ վարչապետ Ռոպերտ Քոչարեանի թեկնածութեան, զայն համարելով համազգային առումով նախագահութեան համար յարմարագոյն անձը. մէկը՝ որ կ՚ընդունուի որպէս հայոց առաջնորդ ամբողջական հայութեան կողմէ:

Նախագահական ընտրութիւնները միայն մէկ փուլն են անհրաժեշտ փոփոխութիւններուն. տակաւին պիտի վերանայուի Սահմանադրութիւնը, քաղաքացիութեան խնդիրը, խորհրդարանը: Պիտի առողջացուի քաղաքական մարզին եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին բարոյահոգեբանական մթնոլորտը: Ահագին աշխատանք կայ կատարելիք եւ ամէն մէկս մեր բաժինը պիտի բերենք ի խնդիր իսկապէս ազգային պետականութեան մը կայացման, պետականութիւն մը, որ հիմնաքարը պիտի ըլլայ մեր գերագոյն տեսլականին՝ Միացեալ, ազատ, անկախ եւ ընկերվար Հայաստանին:

Շնորհակալութիւն

Թորոնթօ

20 փետրուար 1998

They posted on the same topic

Trackback URL : http://armenian.compunigma.com/Kroutiounk/index.php?trackback/17

This post's comments feed