Անակնկալներու ընկալման մասին

__«Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում, Որոտ ու կայծակ գլխիս են թափւում»__ (Մոճոռեանի վերագրեալ)

Դիտելով ad nauseam վերահեռարձակուած տեսարանները՝ 11 Սեպտեմբերի առաւօտուն Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակներուն վրայ խորտակուող օդանաւերուն եւ այդ աշտարակներու եւ անոնց հետ համատեղ ամերիկեան ցամաքամասի անձեռմխելիութեան առասպելի փլուզման, եւ լսելով այդ տեսարաններուն զուգահեռ տողանցող քաղաքական, զինուորական, ապահովական, ճարտարագիտական եւ մասամբ նորին մասնագէտներու անդադրում ճամարտակութիւնները, յիշեցի վերոնշեալ զոյգ տողերը, զորս Ռուբէն Տէր Մինասեան կը վերագրէ Մոճոռեան «ֆուտուրիստ» բանաստեղծին (Մոճոռեանի երկրպագուները գուցէ մեզի օգնեն եւ գտնեն այն բանաստեղծութիւնը որմէ քաղուած են տողերը, որովհետեւ Մոճոռեանի այդ երկտողը ոչինչով կը զիջի հռչակաւոր Նոսթրատամուսի քառեակներուն)։

Իր առօրեայով կլանուած միջին ամերիկացիին համար ահաւոր անակնկալ մըն էին կապոյտ, անամպ երկինքէն թափած այդ որոտն ու կայծակը — ճիշտ այդ հակագիտական հերթականութեամբ. գիտութիւնը կը սահմանէ, որ նախ կայծակը կը տեսնենք, ապա որոտը կը լսենք, մինչ նիւեորքցիները նախ որոտը՝ օդանաւերուն ձայնը լսեցին, ապա միայն կայծակը՝ անոնց պայթումի կրակը տեսան, այնպէս, ինչպէս Մոճոռեան գուշակած էր — եւ շնորհիւ զանգուածային լրատուական միջոցներու արագ եւ յստակօրէն ուղղորդուած միջամտութեան, այդ որոտն ու կայծակը ընկալուեցան այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք էր. առանց լուրջ հարցադրումներու։ Ամերիկեան հանրային կարծիքը, վաղուց ի վեր հրաժարած մեծ խնդիրներու վրայ գլուխ յոգնեցնելու տաղտուկէն եւ այդ գլխացաւը թողած ուաշինկթընեան մասնագէտներուն, անմիջապէս որդեգրեց ոմն Ուսամա պըն Լատենի կերպարը որպէս աստուածաշնչեան Չարի, հակաքրիստոսի վերջին մարմնացումը եւ միաձայն քուէարկեց յօգուտ զայն իր Աֆղանիստանի որջին մէջ խեղդելու — ծուխով թէ անծուխ — քաուպոյական ծրագրին։

Կապոյտ անամպ երկինքէն, ուր աստղեր կը փայլին, որոտ ու կայծակ թափեցան ...

Քիչ մը տարօրինակ չի՞ թուիր։

Ձայնը տանք Ռուբէնին։ Մի օր, երբ հպարտութեամբ «Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում, որոտ ու կայծակ գլխիս են թափւում» տողերը անգիր ըրած կը կրկնէի, գիւմրեցի մէկը, լայն փաչաներով, ըսաւ ինձ.

—Այ ղուրումսաղ, թէ աստղերը կը փայլին, երկինքը կապոյտ է, ալ ինչը՞ղ որոտ ու կայծակ գլխուդ կը թափուին։ (1)

Մոճոռեան թերեւս տեղն ու տեղը պատասխան մը յօրինէր, սակայն մենք ֆուտուրիստ բանաստեղծ ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք եւ լայն փաչաներով գիւմրեցիի հարցադրումները քիչ մը ընդլայնելով պարզապէս կրնանք ըսել, որ Մոճոռեանի տողերը կը պարունակեն իրար երեւութապէս հակոտնեայ երեք մասեր. 1) երկինքը կապոյտ է, 2) աստղեր կը փայլին եւ 3) որոտ ու կայծակ կը թափին։ Կապոյտ երկնքին մէջ աստղեր տեսնելու համար պէտք է աստղադիտարան երթալ կամ ալ գլուխէն փայտի ուժեղ հարուած մը ստանալ, իսկ թէ կապոյտ եւ աստղազարդ այդ հակասական երկինքը ինչպէ՞ս որոտ ու կայծակ կրնայ ծնիլ, պէտք է հարցնել օդերեւութաբաններուն։

Նոյնպիսի հարցադրումներու ենթակայ են Սեպտեմբեր 11-ի պատահարները, սակայն կը կասկածիմ, որ գտնուի այն ամերիկացին, որ գիւմրեցիի համարձակութեամբ բարձրաձայն հարց տայ, թէ «ինչը՞ղ որոտ ու կայծակ թափուան մեր գլխուն»։

ԱՆԱԿՆԿԱԼԻ ՎԱՐԿԱԾԸ


Բացառութեամբ մի քանի կողմնակի կասկածներու, հիւսիսային ամերիկեան զանգուածային լրատւութեան աղբիւրները միահամուռ կերպով որդեգրեցին Սպիտակ Տան առաջ քշած վարկածը՝ Սեպտեմբեր 11-ի հարուածները որակելով անակնկալ եւ չհրահրուած (unprovoqued) յարձակում։ Հրահրուածի կամ չհրահրուածի բանավէճը կրնայ տեւել ի կատարումն աշխարհի առանց եզրահանման, հետեւաբար այսօր պիտի խուսափինք այդ էջը բանալէ։ Իսկ թէ ինչքանո՞վ անակնկալ կրնային ըլլալ այդ հարուածները, երբ որպէս կանոն վերջին տասնամեակներուն մէկ-երկու տարին անգամ մը ամերիկեան ներկայացուցչութիւն մը կամ առնուազն ամերիկեան դրօշ կրող որեւէ կառոյց թիրախ դարձած է հարուածներու, դժուար է ըսել։ Հարուածողը միշտ պիտի աշխատի, որ իր հարուածը ըլլայ անսպասելի, բայց կռփամարտի ընթացքին հարուած կրող մարզիկը իրաւունք չունի զարմանալու թէ հակառակորդը հարուածեց, այլապէս կ՚եզրակացնենք, որ ան սխալմամբ կռփամարտի ռինկ բարձրացած է, դէպի պատմինկթընի խաղադաշտ ճամբուն վրայ սխալ կողմ դառնալով։

Եթէ իսկապէս անակնկալ էին այդ հարուածները, եւ եթէ իսկապէս այսօր պըն Լատենով խորհրդանշուող իսլամ արմատականութիւնն էր անոնց հեղինակը, պէտք էր որ դէպքերու յաջորդող օրերուն իսկ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները ենթարկուէին հիմնայատակ մաքրագործման՝ անճարակութեան մեղադրանքով։ Պէտք չէ մոռնալ, որ պըն Լատենի Քաէտա կազմակերպութեան ակունքները կ՚երթան մինչեւ 80-ական թուականներու սկիզբ, գուցէ եւ աւելի հեռու, երբ ամերիկեան սպասարկութիւններու բացայայտ ջանքերով Աֆղանիստանի մէջ կազմակերպուեցաւ իսլամական ճիհատը ընդդէմ անաստուածներուն՝ խորհրդային բանակին եւ իրենց տեղական մանկլաւիկներուն, ինչպէս նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ այդ կազմակերպութեան մէջ եւ անոր շուրջ քիչ չէ թիւը այն օրերուն ամերիկացիներուն կողմէ մարզուած անհատներուն։
Քիչ թէ շատ իր գործէն հասկցող գաղտնի սպասարկութիւն մը կապերը ամբողջութեամբ չի խզեր իր իսկ ստեղծած կառոյցներուն հետ, յատկապէս նման վտանգաւոր մասնագիտացմամբ, եւ առնուազն աչքի պոչով կը հետեւի անոնց յետագայ զարգացումներուն եւ քայլերուն։ Եթէ ամերիկեան սպասարկութիւնները հետեւած են այս գործելակերպին — եւ դէպքերէն երկու ամիս անց անոնց շարքերէն ներս մաքրագործումներու բացակայութիւնը կը յուշէ, որ ըստ երեւոյթին, կամ ըստ իրենց պետութեան չափանիշերուն, անոնք գործած են հարկ եղած արհեստավարժութեամբ — դժուար է հաւատալ, որ այդ հարուածները անակնկալ էին առնուազն պատկան սպասարկութիւններուն համար։ Դժուար է հաւատալ, որ այդ կազմակերպութիւններուն առնչուող անձեր, որոնց կենսագրական տուեալները դէպքէն ետք նախանձելի արագութեամբ ի մի բերուեցան եւ յանձնուեցան մամուլին որպէս սնունդ, — հետեւաբար անձեր՝ որոնք «թղթածրար» ունէին, — կրնային Ամերիկա մտած ըլլալ, տարիներով ապրիլ այնտեղ առանց յստակ աշխատանքի կամ զբաղումի, հետեւիլ օդանաւի դասընթացքներու, երբ այդ բնոյթի դպրոցները ընդհանրապէս կը պատկանին նախկին զինուորական օդաչուներու որոնք որպէս կանոն չեն խզեր իրենց կապերը իրենց նախկին ընկերներուն եւ շրջանակներուն հետ, դժուար է հաւատալ որ այդ անձերը գաղտնի սպասարկութիւններուն քով զանազան կարմիր ու դեղին լոյսեր վառած չըլլան։ Աւելին, դժուար է նաեւ հաւատալ, որ անակնկալի եկած սպասարկութիւնները կրցան մի քանի օրէն հարիւրաւոր կասկածելիներու ցանկեր կազմել եւ զանոնք նախնական կալանքի տակ առնել, եթէ նախապէս չունէին այդ ցանկերու գէթ սաղմնային տարբերակը։ Իսկ եթէ այդ ցանկերը նախապէս կային, դժուար է հաւատալ, որ անոնց վրայ գտնուող անունները հսկողութեան տակ չըլլային, յատկապէս երբ ամերիկեան թիրախներու վրայ այդ միջավայրին վերագրըւող նախկին յարձակումներու յիշատակը տակաւին շատ թարմ էր։

Չէ՛, թող հանրային կարծիքի կառավարման ամերիկեան մասնագէտները ինծի ներեն, բայց «անակնկալ» յարձակման իրենց հրամցուցած տարբերակը չեմ կրնար կլլել։ Այդ տարբերակը շատ հարցականներ անպատասխան կը ձգէ, եւ աւելի վտանգաւոր հարցումներու տեղի կու տայ. եթէ յարձակումը իրապէս անակնկալ էր, ինչպէ՞ս բացատրել նոյն օրն իսկ պըն Լատենի մը նկատմամբ յականէ անուանէ ամբաստանութիւնը, նախքան այդ գծով «ապացոյցներու» հաւաքումը, որոնք աւելի քան շաբաթ մը անց խորհրդապահական ձեւով ներկայացուեցան զանազան երկիրներու ղեկավարներուն եւ յաճախ թերահաւատութեամբ ընկալուեցան։ Հետեւաբար ...

Հետեւաբար կամ այն է, որ պէն Լատէն եւ իր նմանները ոչ մէկ առընչութիւն ունին պատահածներուն հետ եւ յարմարագոյն քաւութեան նոխազի դերը ստանձնած են, կամ իսկապէս իրենք էին այդ յարձակումներու ետին, եւ ամերիկեան սպասարկութիւնները թոյլատրեցին որ այդ արարքները կատարուին։ Առաջին պարագային այլ հարցեր կը ծագին. ո՞վ, ինչո՞ւ, եւ դարձեալ վերոնշեալ անճարակութեան մեղադրանքը սպասարկութիւններու հասցէին, իսկ երկրորդ պարագային՝ շատ աւելի լուրջ՝ մեղսակցութեան մեղադրանքն է որ կը դրուի։

Սակայն մենք ոչ ամերիկեան հանրային կարծիքն ենք, ոչ ալ արդարադատութիւնը, որպէսզի մենք մեզ խճճենք այդ ոլորաններուն մէջ։ Անկախ թէ ո՞վ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ըրաւ այդ յարձակումները, փաստը այն է, որ այսօր ամերիկեան ռազմական ուժերը լծուած են լայնածաւալ գործողութեան մը, որ ճամբայ ելաւ որպէս սոսկ պատժական արշաւանք մը պըն Լատենի անձին դէմ, եւ այսօր փաստօրէն վերածուած է ամբողջ երկիր մը, ինչու չէ նաեւ տարածաշրջան մը վերաձեւաւորելու գործողութեան։

«ՄԻՍԹԸՐ ՃՈՆՍԸՆԸ ԻՆԿԱՒ...»


Հայ ծաղրանկարչութեան գագաթներէն Սարուխան ժամանակին գծած էր հետաքրքիր պատկեր մը։ Փողոցի տեսարան մըն է, ուր մարդ մը ինկած է գետին, հաւանաբար ոտքը քարին տալով, երկրորդ մը կը փութայ օգնութեան ըսելով. «Միսթըր Ճոնսընը ինկաւ, հասնիմ օգնեմ», իսկ երրորդ մը, անտարբեր, կ՚ըսէ. «Մի յոգնիր, անգլիացի է, անպայման տակը հաշիւ մը ունի»։

Ամերիկան Անգլիա չէ, սակայն ուղղակի շարունակողն է անգլիական քաղաքականութեան որ ժառանգեց Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, Բրիտանական կայսրութեամբ հանդերձ։ Գուցէ այս մասին խօսուն մանրամասնութիւն մըն է Լոնտոնի գեր-խանդավառ աջակցութիւնը ամերիկեան նախաձեռնութեան։

Եթէ շարունակենք նախորդ բաժնի մեր տրամաբանութիւնը եւ անոր վրայ բարդենք Սարուխանի թելադրած իմաստութիւնը, պիտի եզրակացնենք, որ եթէ ամերիկեան սպասարկութիւնները այդքան կրաւորական դիրք բռնած էին իսլամ ծայրայեղականներու նկատմամբ մինչեւ 11 Սեպտեմբերի դէպքերը, ուրեմն անոնց գործունէութիւնը որոշ չափով կը համընկնէր ամերիկեան շահերուն, նոյնիսկ իրենց պարբերական հակա-ամերիկեան արարքներով։ Ի վերջոյ, տասնամեակներ շարունակ այդ ծայրայեղականութիւնը առաջամարտիկն էր ամերիկեան ուժի դրսեւորման (power projection) հոն, ուր քաղաքական նկատառումներով բացայայտ չէին կրնար գործել ամերիկեան զինուած ուժերը։ Աֆղանիստանէն մինչեւ Չեչէնիա, Սուտանէն մինչեւ Ինտոնեզիաներ, մինչեւ Արցախ, իսլամ արմատականութիւնը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ահագին ջուր բերած է ամերիկեան ջրաղացին։ Բացառութիւն ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունէին Աֆղանիստանի թալիպանները, իրենց միջնադարեան կարգուսարքով եւ պըն լատեններով։ Չմոռնանք, որ թալիպաններու արմատները կու գան Փաքիստանի մետրեսէներէն, եւ պետական գաղտնի սպասարկութիւններու լիակատար օժանդակութեամբ է որ անոնք իշխանութեան տիրացան Քապուլի մէջ, որովհետեւ իսլամական այլ ուժերը, որոնք խորհրդային բանակի նահանջէն ետք իշխանութեան եկած էին, կը համարուէին իրանամէտ։

Ի՞նչ շահ կրնան տեսած ըլլալ ամերիկեան պատասխանատու շրջանակները հակա-ամերիկեան այս արարքներու թոյլատրման մէջ։ Աֆղանիստանի մէջ միջամտելու դրդապատճա՞ռ։ Իսկ ի՞նչ կայ Աֆղանիստանի մէջ։ Որքան որ տեղեակ եմ, որքան որ կը յիշեմ, վերջին մէկուկէս դարերու ընթացքին այդ երկրի մասին խօսակցութիւնները երբեք չեն ընդգրկած այնտեղ գտնուող հանածոներ, պահածոներ, բրածոներ, եւ այլ ախորժաբեր հարստութիւններ, որոնք պիտի բացատրէին այդ ընթացքին այդ երկրի վրայ երիցս կազմակերպուած ներխուժումները։ Ոչ Վիկտորիա թագուհիի Բրիտանիան, ոչ Լէոնիտ Բրեժնեւի Խորհրդային Միութիւնը, ոչ ալ Ճորճ Պուշ կրտսերի Միացեալ Նահանգները նման բացատրութիւններ կրցան յօրինել արդարացնելու համար իրենց արարքները։ Չոր ու ցամաք երկիր մը, առանց ընդերքի եւ մակերեսի շօշափելի հարստութիւններու, անկառավարելի եւ հետեւաբար անշահագործելի բնակչութեամբ, այս է Աֆղանիստանի տնտեսաքաղաքական գնահատականը։

Միակ գործօնը, որ կրնայ բացատրել Աֆղանիստանի կարեւորութիւնը բոլոր հին ու նոր աշխարհակալներու աչքին՝ իր աշխարհագրական դիրքն է։ Հարեւանցի հայեացք մը քարտէսին բաւարար է անդրադառնալու, թէ այդ քարքարուտ հողակտորը, խցկուած Չինաստանի, Հնդկաստանի, Իրանի եւ Միջին Ասիոյ թրքախօս երկիրներուն միջեւ, բանալի տեղ կը գրաւէ։ Այդ բարձունքին տիրողը կրնայ իր ուժը զգացնել Հնդկաց ովկիանոսէն մինչեւ Հիւսիսային բեւեռ, Կասպից ծովէն մինչեւ Հիմալայաները եւ աւելի անդին։ Իր փէշերուն քսուելով կ՚անցնին Եւրասիոյ մեծ մայրուղիները, առեւտրական պարտադիր անցման այդ գիծերը որոնցմով Մարգօ Փոլօ հասաւ Չինաստան եւ որոնք վերջին կէս հազարամեակին աշխարհաքաղաքական զանազան պատճառներով կը գտնուին ամլացած վիճակի մէջ, թերաճ պահելով նաեւ այդ ամբողջ տարածքի տնտեսութիւնները։

Այդ ճամբաները այսօր ռազմավարական բացառիկ նշանակութիւն ունին, որովհետեւ Չինաստանի աշխարհաքաղաքական ներկայութիւնը միջազգային թատերաբեմին վրայ տարուէ տարի աւելի եւս կը շեշտուի։ Դարեր շարունակ ինքնամփոփ ապրած այդ կայսրութիւնը այսօր վերածւած է տնտեսական հսկայի մը։ Չինաստանի ազգային համախառն արտադրութիւնը (Gross National Product - GDP / Produit National Brut -PNB) վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին քառապատկուած է եւ այսօր հասած տարեկան անձ-գլուխ 3600 ամերիկեան տոլարի (ըստ ամերիկեան աղբիւրներու), որ զինք այդ ձեւով կը դասէ Հայաստանի նման երկիրներու կարգին, սակայն գլուխներու անհամեմատ բարձր թիւին պատճառով ան աշխարհի տնտեսական երկրորդ ուժն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ետք։ Նման տնտեսական հզօրութիւն մը ուշ կամ կանուխ պիտի ստանայ իր քաղաքական համապատասխան տեղը միջազգային ասպարէզին վրայ, պարագայ մը որ անշուշտ արեւմտեան աշխարհաքաղաքական ծրագրողներու ուշադրութենէն չէ վրիպած, եւ վստահաբար զանազան նախագիծեր մշակուած են այդ զարթնող հսկայի մուտքը միջազգային ասպարէզ «կառավարելի» դարձնելու համար։

Չինաստանի տնտեսութեան աքիլլէսեան գարշապարը քարիւղի ներքին աղբիւրներու բացակայութիւնն է։ Չինաստանի տնտեսութիւնը մինչեւ վերջին երկու տասնամեակները հիմնուած էր հանքածուխին վրայ որպէս ուժանիւթի աղբիւր, եւ հեծանիւին վրայ՝ որպէս գլխաւոր փոխադրամիջոց, բայց այդ վիճակը ենթակայ է արագ փոփոխութեան՝ ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման հետ զուգընթաց։

1980-էն 1999-ի միջեւ, Չինաստանի քարիւղի սպառումը աճած է օրական 1765-էն 4320 հազար տակառի, որ կը նշանակէ 145 տոկոսի աճ մը։ Նոյն տարիներուն, համաշխարհային ընդհանուր սպառումը 63067-էն անցած է 74905-ի, այսինքն՝ աճած է 18,8 տոկոսով։ Աճի ամենաբարձր ցուցանիշները կը գտնուին Ասիոյ մէջ, մինչ արեւմտեան երկիրները ընդհանրապէս կրճատած են քարիւղի իրենց սպառումը, բացառութեամբ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կը շարունակեն մնալ աշխարհի մեծագոյն սպառողները (Կանաչները պիտի ըսէին՝ մսխողները)։

Քարիւղի իր յարաճուն կարիքներուն համար Չինաստան գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ է արտաքին աղբիւրներէ։ Ուստի, այդ աղբիւրներուն վրայ հակակշիռ ունենալ պիտի նշանակէր ազդեցութեան կարեւոր լծակներ ունենալ Չինաստանի տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան վրայ։

Չինաստանին ամենամօտիկ քարիւղի հորերը կը գտնուին Կասպից ծովու շուրջը։ Կայ նաեւ Սիպերիոյ պաշարներու հետագայ զարգացման հնարաւորութիւնը, բայց ըստ ամենայնի այդ պաշարները նախատեսուած են եւրոպական շուկային համար, մանաւանդ երբ արդէն իսկ առկայ են խորհրդային օրերէն ժառանգուած փոխադրական զանազան խողովակները դէպի արեւելեան Եւրոպա։ Իսկ Կասպից ծովու արեւելեան ափի պաշարները տակաւին չէին յանձնուած շահագործման երբ փլաւ Խորհրդային կայսրութիւնը։

ԱՃՈՒՐԴԻ ՄԸ ԵՏԻՆ


Ամերիկեան դիւանագիտութեան առաջին գործերէն մին եղաւ կազմակերպել այդ ուղղութեամբ լայն արշաւանք մը, քարիւղի մեծ ընկերութիւնները մղելով վայրկեան առաջ այդ պահեստները ձեռքէ չփախցնելու։ Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ թարմ է հինգ տարիներ առաջ Հայտար Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցին նախորդած ու յաջորդած շեփորումները Ատրպէյճանի ապագային մասին, անոր քարիւղի պաշարներու քանակը աստիճանաբար, կարծես աճուրդ ըլլար, հասցնելով մինչեւ 200 միլիառ տակառի (ամենապաշտօնական մակարդակով՝ Ամերիկեան պետական քարտուղարութեան յայտարարութիւններուն մէջ), մինչ այսօր աւելի իրատես թուանշաններ կը դրուին շրջանառութեան մէջ՝ Կասպից ծովու ամբողջ աւազանի պաշարները գնահատելով 50 միլիառ տակառի (հաւանաբար այդ ալ չափազանցուած թիւ է)։ Իրականութեան մէջ, Կասպից ծովու կարիքը տակաւին տարիներ շարունակ պիտի չզգացուի միջազգային շուկային վրայ, ուր կան նոյնիսկ արտադրութեան աւելորդ հնարաւորութիւններ եւ, օրինակ, Իրաքի նման մեծ արտադրող մը դուրս հանուած է խաղէն եւ ձգուած պահեստի նստարանին։ Կասպից ծովու քարիւղը արժէք ունի միայն Չինաստանի համար։

Այդ արշաւին զուգահեռ, ձեռնարկուեցաւ երկրորդ արշաւի մը ցամաքային ճամբաներու ուղղութեամբ, առաջ քշելով «Մետաքսի ճանապարհ»ի վերակենդանացման զանազան տեսութիւններ, որոնք շատ հետաքրքիր ձեւով կը շրջանցէին ամենատրամաբանական ուղիները։ Հնդկական թերակղզին Եւրոպայի հետ կապող հնարաւոր ճամբաներ կը գծուէին ամենադժուարին ուղղութիւններէ, մինչդեռ այդ ճանապարհը արդէն իսկ առկայ է, եւ նոյնիսկ մեծ մասամբ երկաթուղապատ է , բայց կ՚անցնի ... Իրանէն, իսկ այդ ճամբու վրայ մեծագոյն խոչընդոտը Արեւմուտքի, յատկապէս Ամերիկայի մեծ դաշնակից Թուրքիան է, իր ատրպէյճանական մասնաճիւղով։ Երկաթուղին Եւրոպայէն կու գայ, Սեւ ծովի հիւսիսէն կը մտնէ Վրաստան, ապա Հայաստան եւ Նախիջեւանէն կ՚անցնի Իրան։ Ընդամէնը երկու տեղէ փակուած է այդ գիծը. Աբխազիոյ եւ Վրաստանի միջեւ, եւ անշուշտ նախիջեւանեան հատուածը, որ ուղղակի ենթակայ է Թուրքիոյ կողմէ արգելքի, իսկ վրաց-աբխազական հակամարտութիւնը վառ պահելու համար կը բաւէ պարբերաբար շոյել վրացիներու ինքնասիրութիւնը զանազան զօրախաղերով, Թուրքիոյ հետ սահմանային սիրախաղերով կամ մեծագոյն խայծով՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խայծը շողացնելով հորիզոնին վրայ։

Թէ ինչի՞ կը միտին այս աշխարհաքաղաքական զանազան մարզանքները, կրնայ շատ յստակ չթուիլ, բայց զգալի է, որ այդ շարժումները ընդհանրապէս կը տարուին Չինաստանի ցամաքային հաղորդակցութեան ճամբաներու ուղղութեամբ։ Բարացուցական օրինակ է այդ գծով Ատրպէյճանի քարիւղի քանակի ոդիսականը. վերոնշեալ 200 միլիառ տակառի թուանշանը ընդհանրապէս դուրս եկաւ շրջանառութենէն Ալիեւի նշանաւոր այցէն մի քանի ամիս ետք, երբ կարճ լուր մը, որ հիւսիսային ամերիկեան մամուլը ընդհանրապէս անտեսեց, կը յայտնէր, թէ Չինաստան ներածած էր ղազախական քարիւղի առաջին բերքը՝ երկաթուղիով, եւ կը ծրագրէր մօտ ապագային կառուցել 3000 քլմ երկարութեամբ խողովակաշար մը այդ գիծին վրայ։ Փաստօրէն ամերիկեան ընկերութիւնները չէին կրցած ամբողջութեամբ իրենց հակակշիռին տակ առնել Կասպից ծովու պաշարները։ Չինաստանի քարիւղին վրայ ամերիկեան հակակշիռ հաստատելու արշաւին առաջին ռաունտը ըստ ամենայնի ձախողած էր։

Երկրորդ հանգրուանը կը վերաբերի այդ քարիւղի փոխադրութեան։ Որպէսզի իրականանայ Չինաստանի վրայ քարիւղի ճամբով հակակշիռ ունենալու ծրագիրը, երբ ձախողած են անոր արտադրութեան վրայ մենաշնորհային վիճակ ստեղծելու ջանքերը, անհրաժեշտ է Չինաստանին պարտադրել, որ իր քարիւղը փոխադրէ արեւմտեան փոխադրամիջոցներով։ Այսինքն՝ արգիլել վերոնշեալ խողովակաշարի կառուցումը եւ փոխարէնը կարենալ առաջարկել այլ տարբերակ մը։ Անշուշտ խողովակաշարի կառուցման ուղղակի արգելք դնել հնարաւոր չէ, բայց կարելի է այնպէս ընել, որ այն տարածքները, ուրկէ կրնայ անցնիլ այդ ուղին, այնքան մը անկայուն ըլլան, որ այդ գիծը անկարելի ըլլայ շինել։ Հոս է որ երեւան կու գայ Աֆղանիստանի ռազմագիտական կարեւորութիւնը։

Աֆղանիստանի հարեւանութեամբ կ՚անցնին Չինաստանի ցամաքային հաղորդակցութիւններու արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան ուղիները, եւ իր ժողովրդագրութեան բերմամբ Աֆղանիստան սերտօրէն առնչուած է այդ ուղիներուն վրայ նստած երկիրներուն հետ։ Վերոնշեալ խնդիրը լուծելու համար նախափորձեր եղան իսլամ արմատականութեան աֆղանական տարբերակները (մէկէ աւելի տարբերակներ կան հոն) դէպի հիւսիս արտածելու։ Տարիներէ ի վեր շարունակուող այդ փորձերը ցարդ կը մնան անպտուղ, թէեւ այդ չի նշանակեր, որ նոր փորձեր պիտի չկատարուին այդ գծով։ Բայց ըստ երեւոյթին ժամանակը սուղ է, Չինաստանի խողովակաշարի ծրագիրը կրնայ գործադրութեան դրուիլ, եւ անոր կառուցումէն ետք Չինաստան բարոյական իրաւունք պիտի ունենայ զինուորապէս ապահովելու անոր գործունէութիւնը։

Ամերիկեան միջամտութիւնը աֆղանական ճահճախուտէն ներս սկսաւ որպէս պըն Լատեն մը բռնելու միտող արշաւանք, շուտով վերածուելու համար երկարաշունչ եւ երեւութապէս առանց յստակ նպատակի միջամտութեան մը։ Այդ շրջանէն ներս լարուածութեան աստիճանի բարձրացում մը ըստ երեւոյթին անհրաժեշտ է խոչընդոտելու համար չինական քարիւղային ծրագիրները։ Թէ ուր պիտի յանգի ամերիկեան այս նոր արկածախնդրութիւնը՝ դժուար է ըսել, բայց ամենալաւատես ենթադրութիւններով՝ ան չի կրնար աւարտիլ նախքան կառուցումը Կասպեան քարիւղի այլընտրանքային ճանապարհի մը, որ ամբողջովին գտնուի ամերիկեան հակակշիռի տակ։

Այդ ճանապարհը նշանաւոր Պաքու-Ճէյհան գիծն է, որ տարիներէ ի վեր առաջ կը մղուի ամերիկեան կառավարական շրջանակներուն կողմէ, հակառակ առեւտրական հաշուարկներու աննպաստութեան։ Բայց կասպեան քարիւղի հարցը նեղ-առեւտրական հաշիւներէ քիչ մը անդին է։ Ամերիկեան կառավարութիւնը միշտ ալ պիտի ընդդիմանայ այդ քարիւղը Իրանով կամ Ռուսիայով շուկայ հանելու ծրագիրներուն, որովհետեւ այդ երկու երկիրներն ալ հետամուտ են ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ իր ածանցեալ Ատրպէյճանի։ Նոյնպիսի վեթօ-ի ենթակայ է այդ գիծը Հայաստանէն անցընելու ոեւէ նախագիծ, որովհետեւ Հայաստան կը վարէ «հաւասարակշռուած» արտաքին քաղաքականութիւն եւ երբեք պիտի կուրօրէն չվստահի Միացեալ Նահանգներուն, յատկապէս երբ վերջինիս մեծագոյն դաշնակիցը շրջանէն ներս Թուրքիան է։

1) Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, Գ. հրատ., Պէյրութ, 1983. Ա. հատոր, էջ 210։

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 2001-ի դեկտեմբերի բացառիկ թիւին մէջ։

Comments

1. On 2018-09-06, 01:09 by Փանոս

Չափազանց յստակատես վերլուծում մը։ Այսօր տակաւին մարդիկ չեն կրցած տեսնել 9/11-ի իրականութիւնը, մինչ դուք կրցած էք դէպքէն միայն երկու ամիս ետք վերլուծում մը կատարել, որ մինչեւ օրս ի զօրու է։

They posted on the same topic

Trackback URL : http://armenian.compunigma.com/Kroutiounk/index.php?trackback/22

This post's comments feed